ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- «Դիմադրութիւն» շաժման ներկայացուցիչները 21-23 Յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցան Արցախի Հանրապետութիւն եւ հանդիպումներ ունեցան քաղաքական ուժերու, Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ Արցախի նախկին նախագահներուն հետ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, պատգամաւորներ Տիգրան Աբրահամեան, Աղուան Վարդանեան, Արամ Վարդեւանեան, Արթուր Սարգսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն հետ այցելեցին Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջանները, հանդիպում ունեցան բնակիչներուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներուն հետ: Առանձին հանդիպում տեղի ունեցաւ նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին մէջ՝ մայրաքաղաքի վարչական ղեկավարութեան, աշխատակազմի, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու տնօրէններուն մասնակցութեամբ:
Հանդիպումներուն ընթացքին, Սաղաթէլեան ներկայացուց «Դիմադրութիւն» շարժման ընթացքը, մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայի աշխատանքները:

Ընդգծուեցաւ, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը առաւել համահայկական եւ ընդգրկուն դարձնելու առումով առանցքային տեղ ունի Արցախի Հանրապետութիւնը:
Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան, որ, հակառակ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութեան հետ ողջամիտ եւ պատշաճ փոխգործակցութեան բացակայութեան, պէտք է իրականացուին միացեալ ծրագիրներ եւ փոխայցելութիւններ:
Վերահաստատուեցաւ, որ Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին համար ուղենիշ կը մնայ 14 Ապրիլ 2022ին Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ամրագրուած են Արցախի ապագային վերաբերող առանցքային սկզբունքները եւ կարմիր գիծերը:
