Քահանայապետը հաստատեց թէ ներկաները գործնական գետնի վրայ յանձնառու են կերտելու այդ տուները` որոնք «մեղմ եւ ուժեղ հակամարմիններ են, կուսակցական շահերու, կաշառակերութեան, ագահութեան եւ բռնութեան դէմ, որոնք մաֆիայի և յանցաւոր կազմակերպութիւնների «DNA» են։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի 23 Յունիս 2022-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումներու խիտ յայտագիր մը, որուն ծիրէն ներս Ան ընդունեց Մաֆիայի դէմ քննչական վարչութեան հիմնադրութեան 30 ամեակին առիթով Մարեմեան Միջազգային Քահանայապետական Ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին մասնակիցները, եւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Ան հաստատեց թէ «եղբայրական համակեցութիւնը եւ ընկերային բարեկամութիւնը կարելի է այնտեղ ուր կան «տուներ», որոնք, ի գործ կը դնեն «սերունդներու միջեւ դաշինքը», պահպանելով «առողջ արմատներն» անոնց, որոնք հաւատացին ու կը հաւատան միասին ապրելու գեղեցկութեան, որ կը ծաւալի երկխօսութեան, բարութեան եւ բոլորի համար արդարութեան աջակցութեան միջոցաւ»։
Կերտել հակամարմին «տուներ»
Քահանայապետը հաստատեց թէ ներկաները գործնական գետնի վրայ յանձնառու են կերտելու այդ տուները` որոնք «մեղմ եւ ուժեղ հակամարմիններ են, կուսակցական շահերու, կաշառակերութեան, ագահութեան եւ բռնութեան դէմ, որոնք մաֆիայի և յանցաւոր կազմակերպութիւնների «DNA» են։
«Մաֆիաները կը յաղթեն երբ վախը կը տիրէ կեանքին վրայ եւ անոնք մարդիկը կը մերկացնեն իրենց արժանապատւութենէն եւ ազատութենէն» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ Մաֆիայի դէմ քննչական վարչութեան անդամները կը գործեն ճիշտ, «որպէսզի վախը չյաղթէ» եւ այդպիսով անոնք կը դառնան թիկունք փոփոխութեան, լոյսի նշոյլ խաւարին մէջ եւ ազատութեան վկայութիւն։
Յոյսի ուղեւորութիւն թշուառներու կողքին
Քահանայապետը քաջալերեց զանոնք շարունակելու այդ իրենց յոյսի ուղեւորութիւնը, յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելով ամենավերջիններուն, գերիշխանութիւններու զոհ անձերուն, փորձելով հակառակիլ եւ կանխարգիլել ոճիրը։
«Անհրաժեշտ է, որ բոլոր մակարդակներու վրայ բոլորն ալ ընտրեն առադրութեան եւ ազնւութեան ճանապարհը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ուսումնասիրել նաեւ անթափանցկութեան պատճառները, դիմելու համար իսկական փոփոխութեան մը, ուր կարելի է ըլլայ բոլորին համագործակցութիւնը ի նպաստ հասարակաց բարիքին։
Սէրը կարող է կեանքի կոչել նոր եւ արդար համակարգ
Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրեց ներկաները միշտ մօտիկ ըլլալու մարդոց «քնքշութեամբ եւ կարեկցութեամբ», դառնալով ժողովուրդին նկատմամբ սիրոյ խթանները, գիտակցելով, որ «սէրը կարող է նոր յարաբերութիւններ ստեղծել ու կարող է կեանքի կոչել նոր եւ աւելի արդար համակարգ մը` «տուներու» եւ «ընտանիքներու» միջոցաւ, որոնք վերակենդանացած են հաւասարութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան խմորով։
Հայցելով հուսկ Սուրբ Կոյսին պաշտպանութիւնը` Քահանայապետը հաւաստիացուց իր աղօթքները ու օրհնութիւնները ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։