«Մենք քրիստոնեաներս կոչուած ենք հակազդելու աղօթքի ուժով եւ սիրոյ շօշափելի օգնութեամբ, քրիստոնէական որեւէ միջոցով որպէսզի զէնքերը տեղ տան բանակցութիւններուն» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը։
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ յունիս 23ին ընդունած է Արևելեան եկեղեցիներու օգնութեան գործերու ժողովի (ՌՈԱՔՕ – ROACO Riunione Opere di aiuto alle Chiese Orientali) անդամները, որ Հռոմ հաւաքուած են տարեկան լիագումար նիստի առիթով:
Պապը անոնց ողջունելէ ետք նշած է, որ ՌՈԱՔՕ-ի մտայղացումը կը համապատասխանէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական ճանապարհին, քանի որ անոնց օգնութեան ծրագրերու իրականացումը կը ներգրաւէ տարբեր դերակատարներ՝ իւրաքանչիւրը իր գործով, կոչուած՝ երկխօսելու նաև ուրիշներու հետ, տալով և առնելով խորհուրդներ, քննարկումներ, թելադրութիւններ, բացատրութիւններ եւ միասին քալելով:
Փնտռել փոխադարձ լսելու ներդաշնակութիւնը
Ան ապա շեշտած է, որ տեղեկատուական գործիքներու առկայութիւնը կը դիւրացնէ գործընթացը, բայց կարևոր է, որ դանոնք օժանդակեն տարիներու ընթացքին հասունցած հանդիպումի և քննարկումներու մշակոյթին՝ զարգացնելու համար խմբային գթութեան համանուագը:
«Նուագախումբը կարևոր գործ կատարելէն առաջ գործիքները կը լարէ, քանի որ այդպէս կրնայ ըստ արժանւոյն բացայայտել երաժիշտներու վարպետութիւնը», ըսած է Սրբազան Քահանայապետը և աւելցուցած, որ գթութեան համանուագի պատրաստուելու համար կարևոր է փնտռել այդ ներդաշնակեցումը, փոխադարձ լսելու համաձայնեցումը և չմեկուսանալ կամ տրուիլ առանձնանալու, փակուելու գայթակղութեանը՝ Արևելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Հոգիի թելադրանքով եղբայրներու և քոյրերու մերձեցումի և ծառայութեան փորձառութիւնները հիւրընկալելու համար:
Մերձաւոր Արևելքի սիւնհոդոսականութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապը այս համատեքստին մէջ յիշած է Դամասկոսի մէջ անցեալ մարտին Սուրիայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ժողովը, որուն մէջ ներգրաւուած էին բազմաթիւ երիտասարդներ, ըսելով, որ. «Տասներկու տարուայ պատերազմի պատճառով աղքատութեան ու յուսահատութեան անապատի մէջ ճկուած սիրելի ու տանջուած Սուրիային դուք որպէս Եկեղեցի կրցաք բացայայտել, որ տափաստանները ծաղկեցնելու և ծարաւին ջուր տալու աղբիւրները կը բխին եթէ իւրաքանչիւրը իմանայ հրաժարուիլ որոշակի ինքնայղումներէն և լսել ուրիշները»:
Պապը նաև անդրադարձած է Մերձաւոր Արևելքի Եպիսկոպոսներու Սինոդի յատուկ ժողովին՝ նշելով, որ սեպտեմբերին կը լրանայ Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ՝ Լիբանան կատարած այցի ընթացքին հռչակուած, «Ecclesia in Medio Oriente» Առաքելական Յորդորի տասնամեակը: Ֆրանչիսկոս առաջարկած է խորհիլ այդ տասը տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած տխուր իրադարձութիւններու շուրջ՝ Իրաքի և Սուրիոյ հետ կապուած, բուն մայրիներու երկիրի մէջ տեղի ունեցած ցնցումներու մասին:
Յոյսի նշաններ Ապու Տապիի փաստաթուղթէն
Ֆրանչիսկոս լոյսի նշաններ կը տեսնէ Ապու Տապիի մէջ Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթի ստորագրումին մէջ: Ան նաև նկատած է, որ անհրաժեշտ է տեղւոյն վրայ ստուգել Մերձաւոր Արևելքի Սինոդի պտուղները և յոյս յայտնել, որ քանի մը տարի առաջ սկսած Սիրիայի և Իրաքի վերաբերեալ համակարգող սեղանի աշխատանքը կը վերսկսուի՝ ներառելով Լիբանանը։
Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրած է շարունակել միշտ աչքի առջեւ ունենալ Բարի Սամարացիի պատկերը, ինչպէս, որ ըրած էք Թիկրեյի, որ կրկին վիրաւորած է Եթովպիան, մասամբ նաև Էրիթրեան, և յատկապէս սիրելի ու տանջուած Ուքրանիոյ համար։
«Մենք քրիստոնեաներս կոչուած ենք հակազդելու աղօթքի ուժով եւ սիրոյ շօշափելի օգնութեամբ, քրիստոնէական որեւէ միջոցով որպէսզի զէնքերը տեղ տան բանակցութիւններուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։
Գործել յանուն խաղաղութեան
Եզրափակելով իր խօսքը Պապը ընդգծած է, որ «հաւատքի մէջ գիտենք, որ մարդկային հպարտութեան և կռապաշտութեան բարձունքները պիտի խոնարհին, և պիտի լեցուին ամայութեան ու արցունքներու հովիտները, բայց մենք նաև կցանկանայինք, որ շուտով կատարուէր Եսայիայի խաղաղութեան մարգարէութիւնը. որ մի ժողովուրդ այլևս ձեռք չբարձրացնէ միւսին վրայ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր և իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ (հմմտ. Ես 2:4) », ըսած է Քահանայապետը և շարունակած, որ փոխարէնը, սակայն, կը թուայ, «թէ ամէն ինչ հակառակ ուղղութեամբ կ’ընթանայ՝ ուտելիքը կը պակսի, իսկ զէնքի աղմուկը կը մեծնայ։ Ուստի եկէք չդադրինք աղօթելէ, ծոմ պահելէ, օգնելէ, աշխատելէ, որպէսզի խաղաղութեան ուղիները տեղ ունենան հակամարտութիւններու կոյս ու խիտ անտառներու մէջ»: