Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար քարաթէի ախոյեանութեան, Եղիշէ Մելիքեան Հայաստանին ապահովեց արծաթէ մետալ մը:
Հայ մարզիկը 84 քկ դասակարգին մէջ իր կատարած չորս մենամարտերուն արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ, որոնցմէ ետք սակայն իր միակ պարտութիւնը կրեց աւարտականին` Պոսնիոյ ներկայացուցիչէն:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը, Եւրոպայի քարաթէի պատանեկան երիտասարդներու եւ 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 11 մարզիկով:
Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Կարէն Վարդանեանի համաձայն, Եւրոպայի այս ախոյեանութեան Հայաստանի տիրացած այս արծաթ մետալը կը նկատուի բաւական կարեւոր իրագործում մը` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերած մարզիկներուն մօտ բաւական սուր պայքար ընթացաւ: