30 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ, որուն առիթով Կարդինալական տիտղոս կը շնորհէ իր իսկ կողմէ հռչակուած նոր կարդինալներուն, ապա յաջորդ կիրակի` 4 սեպտեմբերին, Պապական Պազիլիքային մէջ Ան կը գլխաւորէ Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետին Երանացման արարողութեան սուրբ պատարագը։
Ռոպէր Աթթարեն – Վատիկան
Քահանայապետկան ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յուլիս-օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսներուն գլխաւորելիք կեդրոնական արարողութիւններուն օրակարգը։
Յուլիս
Յուլիս ամսուայ առաջին կիրակին` 3 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 9.30 անց, Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագ նուիրուած Հռոմի Քոնկոլացի հասարակութեան։ Նշենք թէ այդ օրերուն նախատեսուած էր Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Քոնկօ որ սակայն յետաձգուեցաւ Սրբազան Պապին ծնկացաւին պատճառաւ։
Օգոստոս
Օգոստոս ամսուայ աւարտին ` 27 օգոստոսին, Քահանայապետը կը գլխաւորէ Կարդինալներու ընդհանուր հաւատքը, վաւերացնելու համար սուրբերու դատի վերատսեչութեան կողմէ ուսումասիրուած մի քանի սուրբերու դատերը իսկ յաջորդ օրը` 28 օգոստոսին նախատեսուած է Քահանայապետին հովուական այցը Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին։
Սեպտեմբեր