Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Գէորգ քհնյ. Աբեան 1 Օգոստոսէն սկսեալ հոգեւոր ծառայութեան պիտի անցնի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Վենթուրա գաւառին մէջ։
Հոգեւոր ծառայութեան զուգահեռ, ան ուսման շրջան մը պիտի անցընէ Քամարիոյի «Սէյնթ Ճան» դպրեվանքին մէջ։ Գէորգ քհնյ. Աբեան ծնած է Մասիս, Հայաստան, 1988ին։ 2011ին, աւարտած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ապա իր ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ՝ ստանալով Մագիստրոսի կոչում։ Սուրբ Էջմիածինի մէջ մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, տէր հայրը շուրջ եօթը տարիներ ծառայած է Հայոց բանակին՝ ստանձնելով նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աւագ գնդերէցի պաշտօնը։
Դիւան Առաջնորդարանի