ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի մէջ կացութեան սրացման պատճառը հակամարտութեան շրջանակներուն մէջ շարք մը հիմնարար կէտերու կարգաւորուած չըլլալն է, սակայն ռուս խաղաղապահները պիտի կարենան կանխել «վերադարձը հայ-ատրպէյճանական պատերազմին». նման կարծիք յայտնեց Ռուսիոյ խորհրդարանի Դաշնութեան խորհուրդի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան կոմիտէի ղեկավար Վիքթոր Պոնտարեւ:
«Իրականութեան մէջ, այս հակամարտութիւնը մարած է, բայց չէ լուծուած: Աւելի՛ն, անիկա մարած է ռուս խաղաղապահներու ուժերով, եւ ոչ թէ հակառակորդ կողմերու բարի կամքով», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ պատճառները, որոնք յառաջացուցած են հակամարտութիւնը, տակաւին կը յամենան։