Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Équipe Notre-Dame հասարակութեան անդամները
Վազգէն Աբարդեան – Վատիկան
Շաբաթ, 6 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց “Equipas de Jovens de Nossa Senhora” երիտասարդներու հաստատութեան միջազգային հանդիպումի մասնակիցներուն։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ «եկեղեցին կը սիրէ այն ինչ, որ Յիսուսը սիրեց եւ աւետարանին մէջ կը կարդացուի որ օր մը Յիսուս իր հայեացքը սեւեռեց երիտասարդի մը դէմքին վրայ ու զայն սիրեց ու կանչեց հետեւելու իր առաքելութեան մէջ։ Սակայն այդ երիտասարդը չընդունեց հրաւէրը։ Բայց ուրիշներ ընդունեցան եւ Իրեն հետ մնացին։» ըսաւ Նորին Սրբութիւն նկատել տալով, որ Յիսուսի միեւնոյն հայեացքը կ՝անցնի դարեր դար, սերունդէ սերունդ եւ կը հասնի մեզի, մինչեւ իւրաքանչիւրիս»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երիտասարդներու հաստատութեան անունը կազմող՝ խմբակ, Տիրամայր, եւ երիտասարդ երեք բառերուն վրայ։
Խմբակ
Խմբակ. ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ հասարակութեան մը մաս կազմելը, ինչպէս նաեւ ապրուած հաւատքը փոխանցող ընտանիքի եւ ընտանիքներուն մաս կազմելը մեծ պարգեւ մըն է, որովհետեւ բոլորս յարաբերութեան մէջ ենք՝ խումբ կազմել սորվելու ու Տէրը մեզ կը փրկէ, մեզմով ժողովուրդ մը կազմելով։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերելով երբեք չվախնալ բացուելէ եւ ուրիշներէն վախնալէ նկատել տուաւ որ թուայնային՝ հետեւաբար մենակութեան այդ դարուն մէջ, որուն թիրախ են շատ մը անձեր, երիտասարդներու հաստատութեան անդամները ընտրած են միասին աճիլ, յառաջ երթալ կամուրջներ կառուցել եւ խումբով խաղալ։
Տիրամայր
Երկրորդ բառը՝Տիրամայրը։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ երբ կ՝ընդունինք Տիրամայրը մեր կեանքին մէջ, երբեք չենք անտեսեր կեդրոնը, որ է Տէրը, որովհետեւ Մարիամ երբեք չկեդրոնանար իր անձին վրայ այլ Յիսուսին եւ եղբայրներուն վրայ։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ունկնդրել Յիսուսի՝ խաչին վրայ Յովհաննէս առաքեալին յղած խօսքը.« Ահա քու մայրդ» (Յովհ 19,27) Արդարեւ Յիսուս իր մայրը իբրեւ մայր շնորհեց իւրաքանչիւր առաքեալին ու պէտք է մանուկի նման վստահիլ Տիրամօր, որ մօտիկ է բոլորիս իր անուշութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց առօրեան ապրիլ վստահելով Տիրամօր, որ կ՝օգնէ նաեւ աճելու որպէս խումբ, կիսելով ստացած պարգեւները՝ երկխօսութեան, փոխադարձ հիւրընկալութեան հոգիով։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ, որ Տիրամայրը կ՝օգնէ ունենալու վեհանձն հոգի բացայայտելու համար ծառայութեան ուրախութիւնը՝ անշահախնդրութեան մէջ, ինչպէս Ան կատարեց երբ այցելեց սուրբ Եղիսաբեթին։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Լիզպոնի երիտասարդաց համաշխարհային օրուան նիւթը քաջալերելով երիտասարդները պատրաստուելու երիտասարդաց համաշխարհային օրուան՝ դուրս գալով, ուրիշին եւ արարչագործութեան խնամք տանելով։
Երիտասարդ
Երրորդ՝ Երիտասարդ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ապագան երիտասարդներուն կը պատկանի, երիտասարդներ որոնք ունին երկու որակներ՝ թեւերով եւ արմատներով երիտասարդներ։
Թեւեր թռչելու, երազելու եւ ստեղծելու համար եւ արմատներ՝ տարեցներէն ստանալու համար անոնց շնորհած իմաստութիւնը։
Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով չափահասներուն, պսակեալներուն եւ քահանաներուն նշեց, թէ մեծ ուրախութիւն է ընկալել ու առաջնորդել երիտասարդները, քաջալերելով զանոնք հեզութեան եւ պարզութեան վկաները դառնալու
Վկաներ սիրոյ՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ, վկաներ երկխօսութեան եւ ունկնդրութեան , վկաներ անշահախնդիր եւ վեհանձն ծառայութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց այցելութեան համար ինչպէս Équipe Notre-Dame երիտասարդներու իրականութիւնը ճանչցնելու համար։ Ան ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւն հայցեց Տիրամօր հովանին ապա մաղթելով բարի ուղեւորութիւն խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։